1

1 Պօղոս, Աստուծոյ ծառայ եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ համաձայն Աստուծոյ ընտրեալներուն հաւատքին ու բարեպաշտութեամբ եղած ճշմարտութեան գիտակցութեան,

2 յաւիտենական կեանքի յոյսով՝ որ անսուտն Աստուած խոստացաւ դարերու ժամանակներէն առաջ

3 - բայց յատուկ ատենին իր խօսքը բացայայտեց քարոզութեամբ՝ որ վստահուեցաւ ինծի մեր Փրկիչ Աստուծոյ հրամանով - ,

4 Տիտոսի՝ հարազատ զաւակիս հասարակաց հաւատքին համեմատ. շնորհք եւ խաղաղութիւն Հայր Աստուծմէ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ՝ մեր Փրկիչէն:

5 Ես ձգեցի քեզ Կրետէ, որպէսզի ուղղես բոլոր պակաս մնացած բաները ու երէցներ նշանակես ամէն քաղաքի մէջ՝ ինչպէս պատուիրեցի քեզի.

6 եթէ մէկը ըլլայ անմեղադրելի, մէկ կնոջ ամուսին, եւ ունենայ հաւատարիմ զաւակներ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ ըմբոստ չըլլան:

7 Որովհետեւ եպիսկոպոսը՝ իբր Աստուծոյ տնտես՝ պէտք է ըլլայ անմեղադրելի. ոչ ինքնահաւան, ոչ բարկացող, ոչ գինեմոլ, ոչ զարնող, ոչ ամօթալի շահախնդրութեան հետամուտ եղող,

8 հապա՝ հիւրասէր, բարեսէր, խոհեմ, արդար, սուրբ, ժուժկալ,

9 հաստատ բռնելով վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը, որպէսզի կարենայ թէ՛ յորդորել ողջամիտ վարդապետութեամբ, թէ՛ կշտամբել հակաճառողները:

10 Քանի որ շատ են ըմբոստները, դատարկախօսներն ու հրապուրողները, մա՛նաւանդ անոնք՝ որ թլփատութենէն են:

11 Պէտք է պապանձեցնել զանոնք. անոնք կը կործանեն ամբողջ տուներ, եւ կը սորվեցնեն անպատեհ բաներ՝ ամօթալի շահախնդրութեան համար:

12 Անոնցմէ մէկը՝ իրենց սեփական մարգարէն՝ ըսած է. «Կրետացիները միշտ ստախօս են, չար գազաններ, դատարկապորտներ»:

13 Այս վկայութիւնը ճշմարիտ է. ուստի սաստիկ կշտամբէ՛ զանոնք, որպէսզի առողջանան հաւատքին մէջ,

14 ուշադրութիւն չդարձնելով հրէական առասպելներուն ու ճշմարտութենէն խոտորող մարդոց պատուէրներուն:

15 Մաքուրներուն՝ ամէն բան մաքուր է. բայց պիղծերուն եւ անհաւատներուն՝ ոչինչ մաքուր է, հապա անոնց միտքն ալ, խղճմտանքն ալ պղծուած են:

16 Կը դաւանին թէ կը ճանչնան Աստուած. բայց կ՚ուրանան զայն իրենց գործերով, ըլլալով գարշելի եւ անհնազանդ, ու խոտելի՝ ամէն բարի գործի հանդէպ:

2

1 Իսկ դուն խօսէ՛ ինչ որ կը պատշաճի ողջամիտ վարդապետութեան:

2 Տարեցները թող ըլլան զգաստ, պատկառելի, խոհեմ, եւ ողջամիտ՝ հաւատքով, սիրով ու համբերութեամբ:

3 Տարեց կիներն ալ թող վարուին այնպէս՝ ինչպէս կը վայլէ սրբութեան, եւ ըլլան ո՛չ չարախօս, ո՛չ գինեմոլ, հապա՝ բարի բաներ սորվեցնող.

4 որպէսզի սորվեցնեն դեռահասակ կիներուն՝ սիրել իրենց ամուսինները, սիրել իրենց զաւակները,

5 եւ ըլլալ խոհեմ, մաքրակենցաղ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց ամուսիններուն հպատակ, որ Աստուծոյ խօսքը չհայհոյուի:

6 Նոյնպէս յորդորէ՛ երիտասարդները որ ըլլան խոհեմ:

7 Ամէն բանի մէջ դուն քեզ ցոյց տուր իբր տիպար՝ բարի գործերու. վարդապետութեան մէջ՝ ցոյց տուր անեղծութիւն, պատկառանք,

8 ողջամիտ եւ անպարսաւելի խօսք, որպէսզի հակառակողը ամչնայ՝ մեր մասին չարախօսելիք ոչինչ ունենալով:

9 Յորդորէ՛ ստրուկները՝ որ հպատակին իրենց տէրերուն ու հաճելի ըլլան անոնց՝ ամէն բանի մէջ. չհակաճառեն,

10 չխորեն, հապա բոլորովին բարի հաւատարմութիւն ցոյց տան, որպէսզի զարդարեն մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը՝ ամէն բանի մէջ:

11 Քանի որ Աստուծոյ փրկարար շնորհքը երեւցաւ բոլոր մարդոց,

12 կրթելով մեզ՝ որ ուրանանք ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները, եւ ապրինք խոհեմութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ՝ այս ներկայ աշխարհին մէջ,

13 սպասելով այն երանելի յոյսին եւ մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի փառքին երեւումին:

14 Ան ընծայեց ինքզինք մեզի համար, որպէսզի ազատագրէ մեզ ամէն անօրէնութենէ, եւ մաքրելով՝ ընէ իր սեփական ժողովուրդը, նախանձախնդիր բարի գործերու:

15 Ըսէ՛ այս բաները, յորդորէ՛ ու կշտամբէ՛ ամբողջ հեղինակութեամբ: Ո՛չ մէկը թող արհամարհէ քեզ:

3

1 Յիշեցո՛ւր անոնց՝ որ հպատակին պետութիւններուն եւ իշխանութիւններուն, անսան պետութեան, ու պատրաստ ըլլան ամէն բարի գործի.

2 ո՛չ մէկուն հայհոյեն, ըլլան ո՛չ թէ կռուազան, հապա՝ ազնիւ, բոլորովին հեզութիւն ցոյց տալով ամէն մարդու:

3 Որովհետեւ մե՛նք ալ ժամանակին անմիտ էինք, անհնազանդ, մոլորեալ, ու կը ծառայէինք զանազան ցանկութիւններու եւ հաճոյքներու. կը վարուէինք չարամտութեամբ ու նախանձով, հակակրելի էինք եւ կ՚ատէինք զիրար:

4 Բայց երբ մեր Փրկիչ Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը երեւցան,

5 ան փրկեց մեզ - ո՛չ թէ մեր ըրած արդարութեան գործերով, հապա իր ողորմութեան համաձայն - աւազանին վերստին ծնունդով եւ Սուրբ Հոգիին նորոգութեամբ:

6 Զայն ճոխութեամբ թափեց մեր վրայ՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով,

7 որպէսզի՝ անոր շնորհքով արդարացած ըլլալով՝ ժառանգորդ դառնանք, յաւիտենական կեանքի յոյսին համաձայն:

8 Այս խօսքը վստահելի է, եւ կը փափաքիմ որ պնդես այս բաներուն վրայ, որպէսզի Աստուծոյ հաւատացողները ճիգ թափեն մատակարար ըլլալու բարի գործերու. այս բաները բարի են, ու մարդոց օգտակար:

9 Բայց հեռո՛ւ կեցիր յիմար վէճերէն, ազգաբանութիւններէն, հակառակութիւններէն եւ Օրէնքին շուրջ եղած կռիւներէն, որովհետեւ անօգուտ են ու փուճ:

10 Հրաժարէ՛ հերձուածող մարդէն՝ առաջին եւ երկրորդ խրատէն ետք,

11 գիտնալով թէ այդպիսին խոտորած է ու կը մեղանչէ՝ դատապարտելով ինքզինք:

12 Երբ Արտեման կամ Տիւքիկոսը ղրկեմ քեզի, փութա՛ գալ ինծի՝ Նիկոպոլիս, որովհետեւ որոշեցի հոն ձմերել:

13 Փութաջանութեա՛մբ ուղարկէ Զենաս օրինականը եւ Ապողոսը, հոգ տանելով որ ոչինչ պակսի անոնց:

14 Մերիննե՛րն ալ թող սորվին մատակարար ըլլալ բարի գործերու՝ հարկաւոր կարիքներու համար, որպէսզի անպտուղ չըլլան:

15 Կը բարեւեն քեզ բոլոր անոնք՝ որ ինծի հետ են. բարեւէ՛ հաւատքին մէջ մեզ սիրողները: Շնորհքը ձեր բոլորին հետ: Ամէն: